Thursday, November 3, 2016

Պատուի Համար

12-րդ դասարանի աշակերտները, ծանօթանալէ ետք Շիրվանզադէի «Պատուի Համար» թատերախաղին, կը պատասխանեն Օրդ. Լորա Գույումճեանի հետեւեալ հարցումին:

Քեզի համար ի՞նչ կը ներկայացնէ «Պատիւ» բառը:

Քրիսչըն Ասատուրեան - Ամէն ընտանիք տարբեր ձեւով կ'ընկալէ «պատիւ» հասկացողութիւնը: Հօրս դաստիարակութեան համաձայն՝ պատիւը միայն դրամի հարց չէ, այլ՝ հաւատարմութիւն եւ յարգանք է:

Շատ դժուար է «Պատիւ»ը պահպանելը. շատ դիւրին է «Պատիւ» ը կորսնցնելը. բայց ամէնէն դժուարն է «Պատիւ» ը բարձր պահելը:






Շանթ Մինասեան - «Պատիւ»ը այն համբաւն ու բարի անունն է, որ կը հաւաքուի տարիների ընթացքին: Պատիւը կը կազմաւորուի տարբեր միջավայրերում ինչպէս ընտանեկան, ընկերային եւ դպրոցական: Մենք պատասխանատու ենք ամէն մի արարքի համար որ արժեւորում է «Պատիւ» հասկացողութիւնը:








Յովիկ Թապաքեան – Ամէն սկաուտ, իր առաջին բանակումի վերջաւորութեան երդում կու տայ եւ իր «Պատւոյն վրայ» կը խոստանայ հնազանդիլ օրէնքներուն: Ես պատիւը կշիռքի մը պատկերով կ'երեւակայեմ: Կշիռքը պարապ է ու նժարները հաւասար. մենք մեր գործունէութեամբ կը լեցնենք այդ կշիռքի երկու նժարները: Այդ նժարները կը ցոլացնեն թէ որքանով կը յարգենք մեր երդումը:

Հիմա արդէն գիտեմ, որ այդ երդումը ոչ միայն խոստում է, այլ՝ գիտակցութիւն եւ պատասխանատւութիւն:

No comments:

Post a Comment