Հոգեշնորհ
Հայրեր,
Պատուարժան
հոգաբարձութիւն,
Յարգելի
տնօրէնուհի,
Շատ սիրելի ծնողներ, ուսուցիչներ, եւ դասընկերներ,
Շատ սիրելի ծնողներ, ուսուցիչներ, եւ դասընկերներ,
Օրերով
մտածած եմ, թէ ի՞նչ պիտի ըսեմ ձեզի: Ինչպէ՞ս ամփոփեմ այն բոլոր զգացումները, որ կ՛ուզեմ
արտայայտել Մանուկեան Վարժարանէն ներս իմ տարիներուս մասին:
Նոր
միջավայր, նոր դէմքեր, հին ընկերներ, նոր ընկերներ, պահանջկոտ դասեր, մարտահրաւէրներ,
եւ մեզ մտերմացնող պտոյտներ:
Ասոնք
միայն քանի մը դրուագներ են երկրորդական վարժարանի կեանքէս: Մեր դասարանը, 53 աշակերտներով, իմ հետս կիսած է այդ զգացումները, անցած
է վերիվայրումներէն, ճամբորդած է աշխարհի միւս ծայրը, եւ այսօր կանգնած է իբրեւ ՀԲԸՄ
Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի 10րդ
աւարտական խումբը:
Սիրելի
դասընկերնե'ր...
Չորս
տարիներու ընթացքին, յոգնած ենք դասերէն եւ երբեմն, մեր կարգին, յոգնեցուցած ենք մեր
ուսուցիչները: Կը յիշեմ 9րդ դասարանի առաջին օրերը, երբ դպրոցը
կը թուէր իբրեւ օտար քաղաք մը, եւ շուարած դէմքերով կը փնտռէինք մեր դասարանները: Այսօր,
անոր բոլոր անկիւնները ծանօթ են մեզի եւ ամէն սենեակ հարազատ է մեր սրտերուն: Ապագան
հիմա մեր ափերուն մէջն է, եւ կասկած չունիմ, որ մենք պիտի հարստացնենք գաղութը փաստաբաններով,
բժիշկներով, երկրաչափերով, բեմադրիչներով, եւ ինչու չէ՝ նախագահով մը... կամ՝ նախագահուհիով:
Կարելիութիւնները անհամար են... Սակա'յն, մեր առաքելութիւնը ո'չ միայն բարեկեցիկ կեանք
ապահովել է, այլ նաեւ՝ պաշտպանները ըլլալ Հայ Դատին ու պատիւ բերել մեր դպրոցին:
Քանի
մը օր առաջ, ամերիկացի բժիշկ Թոմ Քաթենան, Օրորա մրցանակը ստացաւ Սուտանի մէջ կատարած իր անձնա-զոհութեան
եւ ծառայութիւններուն համար: Եթէ օտա'րը օտարին իր կեանքը զոհելու գնով կ՛օգնէ, մենք
հիմա պատրաստ պէտք է որ ըլլանք եւ ներքուստ պէտք է երդուինք որ հոգատար պահապանները
դառնանք մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր սիրելի Արցախին, հետեւելով՝ Բարեգործականի
սկզբունքներուն:
Պիտի
կարօտնամ մեր կատակները, մեր դասարանային երկարատեւ ժողովները, եւ մանաւանդ անցեալ
տարուան նախագահական ընտրութիւններու հետեւանքով, մեր բարեկամական, եւ երբեմն սուր
վիճաբանութիւնները: Եւ անշուշտ պիտի կարօտնանք շինարարութեան ձայներն ու պատճառած ցնցումները,
որոնց շնորհիւ այսօր կը վայելենք այս գեղեցիկ սրահը:
Սիրելինե'ր,
Երախտապարտ
եմ նախ՝ Աստուծոյ, որ մեզի տուած է բազմաթիւ օրհնութիւններ: Երախտապարտ եմ Հայկական
Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն, որոնք կերտեցին
այս հայապահպանման ջերմ օճախը. Երախտապարտ եմ հոգաբարձութեան, որոնց ջանքերով է, որ
մեր վարժարանը կը յառաջանայ: Շնորհակալութիւն ծնողներուս, որոնք առաջին օրէն զիս ղրկած
են հայկական վարժարան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վարժարանի անձնակազմին եւ բոլոր
ուսուցիչներուն եւ վերջապէս՝ Դոկտ. Մովսիսեանին, որ միշտ յատուկ տեղ մը պիտի ունենայ
մեր սրտերուն մէջ:
Այս
դպրո'ցը,
մեր
բոլորին ուսումնական ապագան դրած է հաստատ հիմքերու վրայ:
Այս
դպրո'ցը,
այն
վայրն է, ուր մենք ծաղկեցանք՝ պատանիներ էինք, բայց հիմա դարձանք կազմաւորուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
Այս
դպրո'ցը,
զարգացուցած
է հայրենասիրութիւնս, եւ ներշնջած է զիս, որ բաժինս բերեմ հայրենիքիս բարգաւաճման ջանքերուն:
Ես կը զգամ, թէ ունիմ պէտք եղած պատրաստուածութիւնը, որ վերադառնալով իմ արմատներուս, ներդրում կատարեմ Հայաստանին եւ
Արցախին, թէ գիտելիքներովս եւ թէ՝ փորձառութիւններովս: Կ'երազեմ մանկաբուժութիւն ուսանիլ,
բժշկական առաքելութեամբ յաճախ ճամբորդել Հայաստան եւ օգնել իմ հայրենի քոյրերուն եւ
եղբայրներուն, անոնց մատուցել բժշկական ծառայութիւն:
Կը շնորհաւորեմ 2017ի շրջանաւարտ ընկերներս ու կը
մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ: Ասիկա բաժանում չէ, այլ ցտեսութիւն մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը: