Tuesday, August 29, 2017

Meghety Manoyan Valedictorian Speech - Class of 2017



Հոգեշնորհ Հայրեր,
Պատուարժան հոգաբարձութիւն,
Յարգելի տնօրէնուհի,
Շատ սիրելի ծնողներ, ուսուցիչներ, եւ դասընկերներ,

Օրերով մտածած եմ, թէ ի՞նչ պիտի ըսեմ ձեզի: Ինչպէ՞ս ամփոփեմ այն բոլոր զգացումները, որ կ՛ուզեմ արտայայտել Մանուկեան Վարժարանէն ներս իմ տարիներուս մասին:

Նոր միջավայր, նոր դէմքեր, հին ընկերներ, նոր ընկերներ, պահանջկոտ դասեր, մարտահրաւէրներ, եւ մեզ մտերմացնող պտոյտներ:

Ասոնք միայն քանի մը դրուագներ են երկրորդական վարժարանի կեանքէս: Մեր դասարանը, 53 աշակերտներով, իմ հետս կիսած է այդ զգացումները, անցած է վերիվայրումներէն, ճամբորդած է աշխարհի միւս ծայրը, եւ այսօր կանգնած է իբրեւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի 10րդ աւարտական խումբը:

Սիրելի դասընկերնե'ր...

Չորս տարիներու ընթացքին, յոգնած ենք դասերէն եւ երբեմն, մեր կարգին, յոգնեցուցած ենք մեր ուսուցիչները: Կը յիշեմ 9րդ դասարանի առաջին օրերը, երբ դպրոցը կը թուէր իբրեւ օտար քաղաք մը, եւ շուարած դէմքերով կը փնտռէինք մեր դասարանները: Այսօր, անոր բոլոր անկիւնները ծանօթ են մեզի եւ ամէն սենեակ հարազատ է մեր սրտերուն: Ապագան հիմա մեր ափերուն մէջն է, եւ կասկած չունիմ, որ մենք պիտի հարստացնենք գաղութը փաստաբաններով, բժիշկներով, երկրաչափերով, բեմադրիչներով, եւ ինչու չէ՝ նախագահով մը... կամ՝ նախագահուհիով: Կարելիութիւնները անհամար են... Սակա'յն, մեր առաքելութիւնը ո'չ միայն բարեկեցիկ կեանք ապահովել է, այլ նաեւ՝ պաշտպանները ըլլալ Հայ Դատին ու պատիւ բերել մեր դպրոցին:

          Քանի մը օր առաջ, ամերիկացի բժիշկ Թոմ Քաթենան, Օրորա մրցանակը ստացաւ Սուտանի մէջ կատարած իր անձնա-զոհութեան եւ ծառայութիւններուն համար: Եթէ օտա'րը օտարին իր կեանքը զոհելու գնով կ՛օգնէ, մենք հիմա պատրաստ պէտք է որ ըլլանք եւ ներքուստ պէտք է երդուինք որ հոգատար պահապանները դառնանք մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին, մեր սիրելի Արցախին, հետեւելով՝ Բարեգործականի սկզբունքներուն:

Պիտի կարօտնամ մեր կատակները, մեր դասարանային երկարատեւ ժողովները, եւ մանաւանդ անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններու հետեւանքով, մեր բարեկամական, եւ երբեմն սուր վիճաբանութիւնները: Եւ անշուշտ պիտի կարօտնանք շինարարութեան ձայներն ու պատճառած ցնցումները, որոնց շնորհիւ այսօր կը վայելենք այս գեղեցիկ սրահը:

Սիրելինե'ր,

Երախտապարտ եմ նախ՝ Աստուծոյ, որ մեզի տուած է բազմաթիւ օրհնութիւններ: Երախտապարտ եմ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն, որոնք կերտեցին այս հայապահպանման ջերմ օճախը. Երախտապարտ եմ հոգաբարձութեան, որոնց ջանքերով է, որ մեր վարժարանը կը յառաջանայ: Շնորհակալութիւն ծնողներուս, որոնք առաջին օրէն զիս ղրկած են հայկական վարժարան: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վարժարանի անձնակազմին եւ բոլոր ուսուցիչներուն եւ վերջապէս՝ Դոկտ. Մովսիսեանին, որ միշտ յատուկ տեղ մը պիտի ունենայ մեր սրտերուն մէջ:

Այս դպրո'ցը,

մեր բոլորին ուսումնական ապագան դրած է հաստատ հիմքերու վրայ:

Այս դպրո'ցը,

այն վայրն է, ուր մենք ծաղկեցանք՝ պատանիներ էինք, բայց հիմա դարձանք կազմաւորուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:

Այս դպրո'ցը,

զարգացուցած է հայրենասիրութիւնս, եւ ներշնջած է զիս, որ բաժինս բերեմ հայրենիքիս բարգաւաճման ջանքերուն: Ես կը զգամ, թէ ունիմ պէտք եղած պատրաստուածութիւնը, որ վերադառնալով  իմ արմատներուս, ներդրում կատարեմ Հայաստանին եւ Արցախին, թէ գիտելիքներովս եւ թէ՝ փորձառութիւններովս: Կ'երազեմ մանկաբուժութիւն ուսանիլ, բժշկական առաքելութեամբ յաճախ ճամբորդել Հայաստան եւ օգնել իմ հայրենի քոյրերուն եւ եղբայրներուն, անոնց մատուցել բժշկական ծառայութիւն:

Կը շնորհաւորեմ 2017ի շրջանաւարտ ընկերներս ու կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ: Ասիկա բաժանում չէ, այլ ցտեսութիւն մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը:

No comments:

Post a Comment